2012-11-22 12:28:45

Ե Ո Ւ Ք Ա Թ
Կամ, Քրիստոնէականը` բացատրուած երիտասարդներուն


Զրոյց քառասուներորդ–Գլուխ Գ.­ԿԸ ՀԱՒԱՏԱՄ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅՆ
ՄԻԱԿ, ՍՈՒՐԲ, ԿԱԹՈՂԻԿԷ ԵՒ ԱՌԱՔԵԼԱԿԱՆ (6)
Հարցում թիւ 140. Ինչու՞ Եկեղեցին ժողովրդավար կազմակերպութիւն մը չէ։
Ժողովրդավարութեան սկզբունքն այն է որ իշխանութիւնը յառաջ կու գայ ժողովուրդէն։ Եկեղեցւոյ մէջ` սակայն, իշխանութիւնը յառաջ կու գայ Քրիստոսէն. որուն հետեւանքով` Եկեղեցին ունի նուիրապետական կազմուածք մը, որ կը գործէ խմբակցական մշակոյթի մը մէջ։
Եկեղեցւոյ մէջ` նուիրապետական տարրը կը կայանայ հետեւեալին մէջ. Քրիստոս ինքնին կը գործէ Եկեղեցւոյ մէջ, երբ ձեռնադրեալ պաշտօնեաներ կը կատարեն կամ կու տան որեւէ մէկ բան, Աստուծոյ շնորհքով. բան մը զոր չեն կրնար ընել կամ տալ իրենք իրենցմէ։ Այս պարագան կ՛իրագործուի երբ կը բաշխեն Խորհուրդները Քրիստոսի անունով եւ կ՛ուսուցանեն անոր իշխանութեամբ։ Իսկ խմբակցական տարրը Եկեղեցւոյ` կը կայանայ անոր մէջ որ Քրիստոս յանձնեց հաւատքի ամբողջութիւնը 12 հոգիներէ բաղկացած հասարակութեան մը` Առաքեալներուն, որոնց յաջորդները կը կառավարեն Եկեղեցին, նախագահութեան տակ անոր որ կը կատարէ պաշտօնը որ Պետրոսի յանձնուած էր։ Այս խմբակցական տեսակէտէն ընթանալով` տիեզերական ժողովները անվիճելի տեղ մը կը գրաւեն Եկեղեցւոյ մէջ։ Սակայն Սուրբ Հոգւոյ բազմապիսի պարգեւները եւ Եկեղեցւոյ ընդհանրականութիւնը նմանապէս կարող են արտադրել պտուղներ Եկեղեցւոյ այլեւայլ ժողովներուն մէջ, ինչպէս Սիւնհոդոսներու եւ խորհրդաժողովներու մէջ։








All the contents on this site are copyrighted ©.